|
|
The fat grandfather, his face covered in flour, and with a large, odd hat on his head, wearing an aba (a long coat made of sheepskin), his torso and stomach made to look swollen by wrapping pieces of clothing round him, presents an extraordinary figure.
|
|
|
Տանիքներու եւ բակերու մէջ խաղեր կը կազմակերպուին. միակ օրն է, երբ առանց սեռի եւ տարիքի խտրականութեան բոլորը կը մասնակցին զուարճանքներուն. նոյնիսկ կղերականներուն արտօնուած է խմել եւ մասնակցիլ խաղերուն: Բակերու եւ հրապարակներու մէջ կը ներկայացնեն թատերական զուարճանքներ: Բոլոր հայկական շրջաններու մէջ բարեկենդանի օրը, սովորական ժողովուրդը ազատութիւն ունի արտայայտելու իր ընդվզումը տէրերու նկատմամբ եւ կը ներկայացնէ ծիծաղելի գիւղապետը, կղերականը, բռնապետը. կ’արտայայտեն նաեւ մեռնող եւ յառնող աստուածութիւններու գաղափարը: Զէյթունի բարեկենդանեան ներկայացման հերոսները երեքն են. ուռուցոծ պապան (ուռեցուած պապը), սէաճ կախէօղը (սաճ կախողը) եւ հորսը (հարսը): Ուռուցոծ պապան, դէմքը ալիւրոտած, գլխուն արտառոց խոշոր գլխարկ մը, հագած ապա մը (ոչխարի մորթով կարուած երկար վերարկու), մէջքն ու փորը հագուստի կտորներով արհեստականօրէն ուռեցուած կը ներկայացնէ այլանդակ կերպար մը: Սէաճ կախէօղը դէմքը մրոտած, գլխուն փետուրներ անցուցած, մէկ ձեռքին՝ սաճ (վրան հացը թխելու տափակ, բոլորակաձեւ, մետաղեայ յարմարանք), միւսին՝ էպլէճէք (կամ էվլէճէկ, հաց թխելու ժամանակ օգտագործուող թիակ), ճարպիկ շարժումներով կը ցատկռտէ եւ կը թմբկահարէ սաճի վրայ ժխոր բարձրացնելով: Իսկ հորսը տղամարդ ծպտուած է զէյթունցի կնոջ տարազով, գլուխը փաթթած գլխաշորերով (թաշկինակներով) եւ դէմքը ծածկած շղարշով: Կը ներկայացնեն հարսանեկան տեսարան եւ պարեր, իրար ձեռքէ խլելով եւ փախցնելով հարսը. ընթացքին սէաճ կախէօղը կը սպաննէ ուռուցոծ պապան եւ կը տիրանայ հարսին. կը կանչեն բժիշկ, որ կը վերակենդանացնէ, յարութիւն կու տայ պապային եւ խաղը կ’աւարտի անոր յաղթանակով:
|